Էօզտէմիր Ասաֆ, իր հոյակապ այդ տողին մէջ
կ'ըսէ «Մի՛ խօսիր, երբ բերնիդ մէջ սուտեր կան»: Այս խօսքով կարծեք թէ կոչ կ'ուղղէ՝
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրենց բերանը փրփրալով սուտ տարածողներուն:
Ստախօսներուն սուտերը բացայայտ են,
սակայն, ի՛նչ ըսել՝ «Երբ տգիտութիւնը անմեղութիւն է» ասացուածքի նման ստախօսներուն
համակիր եղողներուն:
Ժիլ Տէլէօզ-ի՝ «Իշխանութիւնը կը շահագործէ հալածուածները, անոնց մէջէն կ'ընթանայ իրենցմէ
օգտագործուելով. իշխանութիւնը անոնց վրայ կը կանգնի» խօսքին մէջ նկարագրուած
«անոնք»ը որքա՜ն շատ է:
Ով ինչ ուզէ ըսէ: 1915-ի Հայոց
Ցեղասպանութեան ժխտումը, հասարակութիւնը պաշտօնական գաղափարախօսութեան առանցքի մէջ
պատանդի վերածող պարտադրանք մըն է անտարակոյս: Միեւնոյն ատեն, «անպատժուածութիւնը
խրախուսող» անարդարութեամբ ալ ֆաշիզմի հասարակականուցումն է:
Երկրի դրամագլուխը թրքացնելու նպատակաւ եղբայր
ազգի մը պատմութեան մեծագոյն աղէտներէն մէկուն ենթարկուիլը, կարելի չէ նշել «...է
եղեր» անցեալ ժամանակի նախադասութիւններով:
1.500.000 + Հրանդ Տինք + Սեւակ Պալըքճը իրականութիւնը,
կ'ապացուցէ որ ցեղասպանութիւնը մեր ներկան է: Նոյնիսկ հասարակական պարզ ֆուդպոլի
մրցումի մը ընթացքին՝ «Ոտքի չկանգնողը հա՛յ է» ջղացնցական պորչկտուքներէն ալ կը հասկցուի թէ այժմէական է
նաեւ:
Անհնար է ուրանալ, թէ Հրանդ Տինքի ոճիրը
եւ մասնակիցները քողարկելու կամ «արդարացման» համար ջանք թաբող ոճրագործներն ու
գործակիցները վարձատրուած եւ պարգեւատրուած են պետութեան կողմէ:
Իրադարցութիւններու հետ միատեղ,
դատավարութեան ընթացքը եւ կայացուած վճիռը կ'ամրապնդէ այս իրականութիւնը:
Ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներուն
նման, Հրանդ Տինքի ոճրագործներն ալ վարձատրուած, պարգեւատրուած եւ քաջալերուած են,
ինչպէս կը պահանչէ Թուրք Պատժական Օրէնքի 301-րդ յօդուածի
բառացի եւ բարոյական իմաստը:
Զարմանալի չէ այս երեւոյթը, քանի որ կը
բացակայի Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին ճշմարտութեան հետ առերեսուելու կամքը: Գրաւուած հայկական
ինչքերու, բռնագրաւուած կանանց եւ անոնց զաւակներուն նկատմամբ պահուած մեծ
լռութիւնը տակաւին պաշտօնական դիրք է:
Զարմանալի չէ այս երեւոյթն ալ, քանի որ
Հայոց Ցեղասպանութիւնը համընդհանուր յանցանք մըն է: Տիրող ազգ հանգամանքին մաս
կազմող իւրաքանչիւր խաւ, սա կամ նա ձեւով շահագրգռուած է այս յանցանքէն: Բան մը,
որ Օնորէ Տը Պալզաք կը զգուշացնէ՝ «Իւրաքանչիւր հարստութեան ետին, մեծ յանցանք մը
գոյութիւն ունի» խօսքով:
Այս առումով, Հրէից Ցեղասպանութիւնը
իրականացնող Գերմանիոյ «յետոյ
ծնողած շնորհը»ի նման ոճով մը «արդարացման» նախաձեռնութիւնը, Հայոց
Ցեղասպանութեան պարագային ալ անօգուտ անզօր անազդեցիկ լիպերալ պատրանք մըն է:
Ինչպէս որ նշուած է Նէյ փչող Թեւֆիքի՝ «Երգը
նոյն այդ երգն է, նուագարանին թելն է փոխուած: Բռունցքը նոյն այդ բռունցքն է,
միայն ձեռքն է փոխուած» տողերուն մէջ, «անցեալը» ներկայիս ապրող այս օրն է:
Այս պատճառով, «1915-ին ես
չկայի, մենք չկայինք» ըսելով, յետոյ ծնուած ըլլալով, նախահայրերուն բռնագրաւած
հայկական ինչքերու հետ մէջ մէջի անցած ցեղասպանութիւնէն ձերբազատուիլը, նոյն
անցեալը այսօր եւս ապրեցնել է:
Պատմութեան մութ էջերուն հետ առերեսուելու
համար, նախ կը պահանջուի մաքրագործել յանցագործներուն եւ իրենց յանցանքին այսօր ի
զօրու եղող շառաւիղները: Երբ կարգը կու գայ ունեցուածքի ու կալուածներու
բռնագրաւման եւ կամ քէմալական շրջանի մութ էջերուն, մեր գլուխը այլ կողմ դարցնելով
իրականութեան այս երեսակը անտէս առնելը, չի թոյլատրեր որ պատմութեան հետ պատուաւոր
ու անկեղծ ձեւով առերեսուինք: Ասիկա միշտ պատճառ կ'ըլլայ խարխուլ ապագայի մը
հիմնադրման:
Ճիշդ այս պահուն, առանց մոռնալու «Ոչ»
ըսել չգիտցողին արտայայտած «Այո»յին ալ անիմաստութիւնը, պիտի գիտակցինք թէ (եթէ
մենք անցամբ չենք սպաննած) մարդկային խիղճն է ամենաարդար դատաւորը: Վերջապէս Ալէն Պատյոյի
«Ճշմարտութիւնը ոչ թէ տեսական այլ գործնական յստակ իրողութիան մըն է»ի պարտադրած
վճռակամութեամբ կը բաժնենք Էտուարտօ Կալէանոյի «ես այլ մի դուն եմ, իսկ դուն այլ
մի ես» կարգախօսը ու կը համախմբուինք առերեսման համար:
Նոյն իսկ Թուրքիոյ մէջ, ուր Օսմանական
կալուածագիրներու արձանագրութիւնները թրքերէն թարգմանութեամբ համացանցի տեղադրումը
ազգային անվտանքութեան դէմ սպառնալիք համարուեցաւ 2005 թուականին Ազգային
Անվտանքութեն Յանձնաժողովի կողմէ եւ նիւթը փակուեցաւ: