Մենք դէմ ենք Սևան Նշանեանի Իսլամական
Աստուածաբանութիւնը Իսլամներու նման չմեկնաբանելու պատճառաւ 13,5 ամսուայ
բանտարկութեան դատապարտուելուն: Ֆազըլ Սային, Էօմեր Հայյամի բանաստեղծության պատճառով պատժուելէն ետք այս անգամ ալ գրող, լեզուաբան, հետազօտող Նշանեանին ձերբակալությունը ցույց կու տայ թէ Թուրքիոյ մէջ Սիւննի իսլամական անհանդուրժողականությունը
միայն տարածված իրավիճակ մը չէ այլ պետական մակարդակի վրայ պաշտօնական դիրքորոշում մըն է:
Շվէտի մէջ Ասորիներու հետ հանդիպման ժամանակ, Շվէտի Խորհրդարանի
կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան որոշումը սեռային ինքնագոհացում
ըլլալով անուանող նախարար Պաղըշի անկրթութիւնը պէտք է դիտել այս շրջանակին մէջէն: Բացի
ասոնցմէ վերջին օրերուն ''Ձերբակալված Լրագրողներու Աջակցութեան Փլաթֆորմ''ի ներկայացուցիչ Նէճաթի Ապայի
11 տարի 3 ամիս, Azadiya Welat թերթի խմբագիր Իպրահիմ Կիւվէնջ 10 տարի 3 ամիս 22 օր բանտարկութեան
պատիժի ենթարկուիլը խօսքի ազատութեան տեսակետէ նոր սահմաններ պարզող նշաններ ըլլալով
համարելու է:
13 Մայիս 2013 թվակիր
«Հիււրիյեթ» թերթին մէջ Մեհմեդ ե. եըլմազի «Մշակույթի նախարարին պատմած անէքթոտը» վերնագրով հոդուածէն կը տեղեկանանք թէ, վարչապետ Ռէճէփ Թայյիբ Էրտողանի «իմաստուն» մարդկանց խումբին հետ հանդիպման ժամանակ ՄշակուԻյթի նախարար Էօմէր Չելիքը պատմած է անէքթոտ մը ուր Աստուած «Զրպարտութեան դէմ նոյնիսկ ես որևէ բան ընելու կարողութիւն չունիմ, ինձ ալ Հիսուսի հայրը կոչեր են» արտայայտութիւնը ծիծաղի տեղ տուած է:
Միլիօնաւոր Քրիստոնեայի,
Քրիստոնէութեան և Ս. Երրորդութեան դէմ այս անարգանքէ զատ Էրտողանի Էզիտիներու, Ալեվիներու,
Զէրտուշներու նկատմամբ նախատինքը բացայայտ է մինչ Նշանեան միմիայն պարզած է թէ Իսլամական
Աստուածաբանութիւնը ընդունելու պարտաւոր չէ նոյնութեամբ և ան պատժուած է ծայրայեղօրէն:
Ահաւասիկ բաստ մը որ ցոյց կու տայ Թ.Հ. Իսլամական անհանդուրժողութեան սաստկութիւնը:
Մենք ստորագրողներս կը
պահանջենք.Փութով վերացնել որոշումը և նմանօրինակ էնկիզիսիօնեան որոշումներ չկրկնուի:
Նշանեանի համար կը պահանջենք կեանքի ապահովութիւն և սահմանադրութեան մէջ տեղի ունեցող
խօսքի ազատութեան իրագործումը:
Խօսքի և կրօնքի ազատութիւնը ինչպէս նաև կրօնքը քննադատելու ազատութիւնը
մարդոց ի ծնէ իրաւունքն է: Իսլամիստ ահաբեկչութեան տարածուած այս ժամանակաշրջանին մենք
անգամ մը ևս պետք է ցոյց տանք, որ այս տեսակի որոշումները ահաբեկիչները քաջալերելու կը ծառայեն
և կը սպառնան աշխարհի խաղաղությանը: Ողջ աշխարհի մարդկութենէ կը պահանջենք բարձրացնել
իրենց ձայնը այս անիմաստ որոշումին դէմ: Կը յայտարարենք թէ Սևան Նշանեան, Ֆազըլ Սայ, Նէճաթի Ապայի, Իպրահիմ Կիւվէնջ դատապարտուած են սոսկ իրենց արտայայտած միտքի պատճառով:Մենք իրենց կողքն ենք, Միացեք մեզ, բարձրացուցեք ձեր ձայնը: Որովհետև այն խնդիրը, մեր բոլորին պատիւն և ապագան է: